2013-11-25 12:07:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում ''Հաւատոյ Տարուայ'' կամաւորներուն հետ։


Երկուշաբթի, 25 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Փարակուայի Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Հորասիօ Մանուէլ Գարդէս Եարա ու անոր ընկերացող շքախումբը, ապա հրաժեշտի այցելութեան առթիւ ընդունեց` Սուրբ Աթոռի մօտ Փղոսկրիայ Ափունքի դեսպան` Տիար Ժոզէֆ Դէպահ Գլահ։
Ժամը 11,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Գլեմենդինա Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հաւատոյ Տարուայ 300 կամաւորներուն ու ապա Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ուկրանացի Յոյն Կաթողիկէ 5000 ուխտաւորներուն հետ, որոնք Հռոմ ժամանած են նշելու Սուրբ Եոզաֆադի մասունքներու Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ զետեղման 50 ամեակը։
Յետ միջօրէի ժամը 5-ին Նորին Սրբութիւնը Կ՛ընդունի Դաշնակացային Ռուսիոյ նախագահ` Տիար Վալտիմիր Փութիւնը ու անոր ընկերացող շքախումբը։

Հաւատոյ Տարուայ կամաւորներուն հետ հանդիպման ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկեց ''Հաւատոյ Տարուայ''` որ հաւատացեալներուն համար եղաւ նախախնամական առիթ մը վերակենդանացնելու համար Հւատաքի բոցը, որ մեզի յանձնուած էր Մկրտութեան օրը, որպէսզի զայն պահպանէինք եւ ուրիշներու հետ բաժնեկցէինք։
Այս յատուկ Տարուայ ընթացքին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - դուք առատաձեռնութեամբ ձեր ձիրքերն ու ձեր ժամանակը նուիրեցիք ի սպաս Տարուան առթիւ կազմակերպուած հոգեւոր ձեռնարկներուն, Յանուն Եկեղեցւոյ շնորհակալ եմ ձեզի եւ միասնաբար շնորհակալ ըլլանք Տիրոջ բոլոր բարիքներուն համար որ մեզի կը շնորհէ։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խօսեցաւ Քրիստոնէութեան ուղեւորութեան մասին, ուր Հաւատքը` սիրոյ հետ միասին, առաջին տեղը կը գրաւեն։ Հաւատքը` մեր էութեան անսպառ երակն է - ըսաւ քահանայապետը - ու ապա անդրադառնալով կամաւորներուն գործունէութեան ըսաւ` ''Մենք վկայ ենք թէ Քրիստոսի հաւատքը կարող է սրտերը տոգորել ու զանոնք դարձնել նոր աւետարանութեան շարժիչ ուժը - ու աւելցուց - Այս հաւատքը մեր հասարակութիւնները ''առաքեալ'' կը դարձնէ։
Այս Հաւատոյ Տարուայ ձեր փորձառութիւնը - ըսաւ հուսկ քահանայապետը - ամենէն առաջ օգտակար է ձեզի եւ ձեզ կը մղէ ձեր ու ձեր հասարակութիւններուն սրտերը բանալու ուրիշներուն, նա մանաւանդ անոնց` որ հաւատքի աղքատութենէն եւ կեանքի յոյսի պակասէն կը տառապին։ Շատ են այն անձերը որ կարիքը ունին մարդկային մէկ մօտեցումի, ժպիտի մը, մխիթարիչ խօսքի մը եւ վկայութեան մը` որուն միջոցաւ կարենան զգալ Յիսուս Քրիստոսի մօտիկութիւնը։ Ոչ մէկուն պակսի այս սիրոյ եւ գուրգուրանքի նշանը որ կը ծնի հաւատքէն, ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու ջամբելով իր առաքելական օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.